2017-05-06 11:10:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը` ''Posillipo''ի Քահանայապետական նորընծայարանի հասարակութեան։


 (Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 6 մայիս 2017-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Կարդինալ Մարք Ուելլէն` եպիսկոպոսներու ժողովի կառավարիչը որմէ ետք ունկնդրութիւն շնորհեց Զուիցերիոյ համադաշնութեան նախագահ`  Տորի Լէութարտին ու անոր ընկերացող պատուիրակութեան, ապա Քոնչիսթորօ սրահին մէջ ընդունեց  ''Posillipo''ի Քահանայապետկան նորընծայարանի հասարակութիւնը հուսկ Զուիցերական Պահակագունդի անդամները, ապա Պօղոս Զ անուան  դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց 7000 դպրոցականներուն որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերած էին խաղաղութեան ու մարդկային իրաւունքի նիւթերու մասին կազմակերպուած մէկ հանդիպումին։

''Posillipo''ի Քահանայապետական նորընծայարանի հասարակութեան ուղղած խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց նորընծայարանի պատմութեան` ընդգծելով թէ այդ նորընծայարանը իւրօրինակ իրականութիւն մըն է Իտալական Եկեղեցական համայնապատկերին մէջ։

Հիմնուած 1912-ին Պիոս Ժ Քահանայապետի կամքով նորընծայարանի մատակարարումը վստահուեցաւ Յիսուսեան միաբանութեան որոնք 100 տարիներէ ի վեր կը կառավարեն զայն հանդիսանալով միակ իտալական նորընծայարանը որ կառավարուած է վերոնշեալ միաբանութենէն դիտել տուաւ Սրբազան Քահանայապետը ու քաջալերեց Նորընծայարանի կազմաւորման ընթացքը ու համագործակցութիւնը տեղական թեմերուն հետ զայն որակելով ''միջ-թեմական կազմաւորումի'' հասարակութիւն։  

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ շեշտը դրաւ Յիսուսեան միաբանութեան հիմնադիր Սուրբ ''Ինգնատիոսի'' հոգեւորականութեան վրայ, ու այս առընչութեամբ ներկայացուց երեք յատկութիւններ. առաջինը` Յիսուսի հետ  անձնական բարեկամութիւնը նկատել առաջնահերթ ու կեդրոնական։

''Կոչումի համայն ուղեկցութիւնը, Սիմոն Պետրոսի ու աշակերտներուն նման, կը հիմնուի սիրոյ ու բարեկամութեան երկխօսութեան վրայ, ուր մենք Յիսուսին` Մեսիային մէջ կը ճանչնանք մեր կեանքին Տէրը։ Ինքն է որ մեզի նոր անուն կը պարգեւէ, մեր կոչումը կը պարփակէ ու մեզի ցոյց կու տայ առաքելութիւնը զոր Հայր Ատուած վաղուց գիտէ ու կը պահպանէ'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց նորընծաները անվախ նայելու զիրենք շրջապատող իրականութեան ու թափանցկութեամբ եւ ճշմարտութեամբ բացուելու ուրիշներուն, խուսափելով կղերապաշտութեան փորձութենէն։

Երկրորդ յատկութիւնը  զատորոշումն է­, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը­, ընդգծելով թէ ''նորընծայական'' շրջանը զատորոշումի շրջան է, որուն ընթացքին երիտասարդները բազմաթիւ ձայներու ընդմէջէն կը սորվին ճանչնալ Տիրոջ ձայնը։

''Ու այս զատորոշումը պէտք է դառնայ դաստիարակչական իսկական արուեստ մը, որովհետեւ քահանան` այսօր աւելի քան երբեք, կոչուած է քրիստոնեայ հասարակութիւնը առաջնորդելու այդ զատորոշումի ընթացքին վրայէն, որպէսի իր կարգին գիտնայ ճանչնալ Աստուծոյ ձայնը այն բազմաթիւ ձայներու ընդմէջէն որոնք յաճախ շփոթութեան կը մատնեն'' յարեց Սրբազան Քահանայապետը ու աւելցուց ''Զատորոշումի մարդիկ ըլլալ կը նշանակէ նաեւ քաջութիւն ունենալ ու չ՛ընտրել լոկ դիւրին ճամբաները կամ փակուիլ խիստ կանոններու ետին, այլ դուրս ելլել իւրայատուկ համոզումներէ ու բացուիլ` հասկնալու թէ ինչպէս մեր հետ կը խօսի Աստուած այսօր։

Ապա երրորդ յատկութիւնը այն է միշտ աւելիով բացուիլ Աստուծոյ Արքայութեան ծաւալին, զարգացնելով այդ ''աւելին''` Տիրոջ ու եղբայրներուն ի սպաս նուիրուելու վեհանձնութեամբ։ Փնտռել Աստուծոյ Արքայութիւնը մեզ կ՛օգնէ չի կանգնելու մեր դիմագրաւած յաջողութիւններուն դիմաց, այլ զարգացնելու եռանդը ծառայելու Տիրոջ ու եղբայրներուն, ու չի գոհանալու նուազագոյնով այլ բացուելու Աստուծոյ մեզի վերապահած վեհանձն երազանքներուն։

Աստուծոյ Արքայութիւնը փնտռել կը նշանակէ փնտռել Աստուծոյ արդարութիւնը ու այնպէս գործել որպէսզի մեր յարաբերութիւնները, մեր հասարակութիւններն ու մեր քաղաքները բարեփոխուին Աստուծոյ արդար եւ ողորմած սիրոյ միջոցաւ։ Երիտասարդները որոնք ընտրեցին հետեւիլ Տիրոջ Քահանայութեան ճանապարհի միջոցաւ կանչուած են մշակելու Յիսուսին հետ բարեկամութիւնը որ առանձնաշնորհեալ կերպով կը յայտնուի աղքատներուն ի սպաս սիրոյ մէջ ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ու խօսքը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը` որպէսզի Տէրը անոնց շնորհէ պարգեւը իրենց ճանապարհորդութիւնը շարունակելու ուրախութեամբ եւ հաւատարմութեամբ­, ապա ինչպէս միշտ խնդրեց որ չմոռնան զինք յիշել իրենց աղօթքներուն մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.